Jump to content

Լեժա

Լեժա (ալպ․՝ Lezhë, Lezha)‘ քաղաք մըն է Ալպանիոյ հիւսիսային մասին մէջ։ Կեդրոնն է վարչական մարզին՝ Լեժայի։

Քաղաք
Լեժա
ալպ․՝ Lezhë
Զինանշան

Լեժայի ընդհանուր տեսարան
Երկիր Ալպանիա
ԲԾՄ 10 մեթր
Պաշտօնական լեզու ալպաներէն
Բնակչութիւն 15 510 մարդ (2011)
Տեղաբնականուն Լեժացի
Ժամային գօտի Կեդրոնական Եւրոպայի Ամառնային Ժամանակացոյց եւ ԿԵԺ
Հեռախօսային ցուցանիշ 215
Փոստային ցուցանիշ 4501–4502
Սուրբ բարեխօս Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիացի
Պաշտօնական կայքէջ bashkialezhe.gov.al

Քաղաք Լիսսոս (հին յուն․՝ Λισσός (lissós), լատ.՝ Lissus) հիմնուած է Սիրակուզայի բռնակալ Տիոնիսիոս Ա.-ին կողմէ, մօտաւորապէս Ք.Ա. 385 թուականին, որպէս իր ռազմավարութեան մէկ մասը՝ ապահովելու համար սիրակուզական առեւտրական ուղիները Ատրիատիկէի երկայնքին: Հռոմէական Կայսրութեան ժամանակ մտած է Լիւրիկէի գաւառին մէջ[1]:

211-ին Ք.Ա, Փիլիպոս Մակեդոնացի գրաւեց Աքրոլիսսոսի միջնաբերդը, եւ Լիսսոս յանձնուեցաւ իրեն: Աւելի ուշ քաղաքը վերականգնուեցաւ Լիւրիկէցիներուն կողմէ: Անիկա հէնց Լիսսոսի մէջ էր, ուր Պերսեւս Մակեդոնացի համաձայնեցաւ դաշինքի մը մասին Հռոմի դէմ Լիւրիկէի Գենտիոս թագաւորին հետ, եւ հէնց անկէ ալ Գենտիոս ուղարկեց իր բանակը Հռոմայեցիներուն դէմ: Լիսսոս պահպանեցաւ մեծ աստիճանի քաղաքային ինքնավարութիւն մը Մակեդոնացիներուն և Լիւրիկէցիներուն իշխանութեան տակ, ինչ որ կը վկայուի հոն դրամ հատանելով: Քաղաքը որոշ նշանակութիւն ունեցաւ Հռոմի մէջի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, երբ զայն գրաւեց Մարք Անտոնիոս, իսկ յետոյ հաւատարիմ մնաց Կեսարին: Հռոմէական ժամանակներուն քաղաքը մաս կը կազմէր Էպիր-Նովա գաւառին:

Աքրոպոլիսի աւերակներուն վրայ, Ժ. դարուն կառուցուեցաւ միջնադարեան դղեակ մը, որ Լեժան վերածեց իսկական վարչական կեդրոնի: Ամէնէն ճշգրիտ նկարագրութիւնը տրուած է Բիւզանդական պատմաբանին կողմէ, որ կոչեց Էլիսսոնիթ դղեակը «օդին մէջ կախուած» և «աջ աչքը» Տուրրէսի:

Բիւզանդական Կայսրութեան փլուզումով, ԺԴ. դարուն, որուն մաս կը կազմէր նաեւ քաղաքը, սկսաւ հիւսիսային Ալպանական իշխաններուն դաժան պայքարը։ Միջեւսեան պատերազմին հետեւանքով, բերդը կը փոխանցուէր ձեռքէ ձեռք՝ կախեալ իշխող ընտանիքներու ուժերուն գերակշռութենէն։ Սակայն պատմական փաստաթղթերը, որոնք կը նախորդեն այդ ժամանակաշրջանին, կը ներկայացնեն Լեժայի մեծ ընտանեկան տոհմը (Տուքաջինի տոհմին Պրոգոնեան և Թանուշեան ճիւղերը), որպէս բերդին կառավարիչներ։

1393-ին ընտանիքը յանձնեց բերդը Վենետիկցիներուն, որոնք կը տարածէին իրենց ազդեցութիւնը Ատրիատիկ և Յոնիական ծովերուն արեւելեան ափերուն վրայ։ Տուքաջինի ընտանիքը ամրապնդեց իր քաղաքական, տնտեսական և ընկերային դիրքը՝ որպէս իշխող տոհմ, պահելով քաղաքին եկամուտներուն 1/3-ը՝ Վենետիկի հետ համաձայնութեամբ մը։

1478 թուին բերդը գրաւեց Օսմանցիներուն կողմէ, իսկ յետոյ՝ 1521 թուին վերակառուցուեցաւ Սուլէյման Ա. սուլթանին հրամանով։

Լեժան 1444 թուին վայր մըն էր ուր ալպանացի իշխանները ժողով մը ունեցան Գէորգ Կաստրիոթի Սկանդերպէկին առաջնորդութեամբ։ Այդ ժողովին ընթացքին հիմնուեցաւ Լեժայի լիկան՝ Օսմանեան Կայսրութեան դէմ պատերազմելու համար։ Սկանդերպէկ հոն թաղուած է Սելիմիէ մզկիթին մէջ (նախապէս Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի)։

Ան յայտնի էր Ալէսիօ Իտալերէն անունով (իտալ.՝ Alessio

Առաջին Պալքանեան պատերազմին, 1912 թուականի Նոյեմբեր ամսուն կէսերուն, քաղաքը գրաւուեցաւ Մոնթենեկրոյի կողմէ։ Սակայն, Լոնտոնի եւ Պուքրէշի 1913 թուականի դաշնագիրերուն պայմաններուն արդիւնքով, Մոնթենեկրօն չստացաւ Լեժան։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Տրին գետին վրայ, անոր՝ Տրինի ծոց թափելու տեղէն ոչ հեռու:

Տեսարժան Վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշանաւոր Ծնածներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Բրէչ Զօգայ (ծն. 1957)‘ ալպանացի գրող, բանաստեղծ, պետական եւ քաղաքական գործիչ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Diodorus Siculus, Library, Fragments of Book 9, Chapter 1, section 1»։ www.perseus.tufts.edu։ արտագրուած է՝ 2025-04-15